2015-12-27 10:35:00

Ընտանիքներու Յոբելեանը։ Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Հոն ու կայ սէր` կայ նաեւ ներում''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 27  դեկտեմբեր 2015-ին, Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Ընտանիքի տօնը։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ գլխաւորեց ''Ընտանիքներու'' նուիրուած սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար ընտանիքներ։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումները նշեց թէ անոնք կը ներկայացնեն երկու ընտանիքներու պատկերը որոնք իրենց ուխտագնացութիւնը կը կատարեն դէպի Աստուծոյ տունը։

Առաջինը` Սամուէլ մարգարէի ծնողքը Եղկանան եւ Աննան (Սամուէլ 1,20-22.24-28) մինչ երկրորդը` Յովսէփն ու Մարիամը որոնք Յիսուսի հետ միասին ուխտագնացութիւն կը կատարեն Երուսաղէմ (Ղուկաս 2,41-52)։

Այս օրերուս, ըսաւ ապա Քահանայապետը, շատեր ճամբայ ելան ուխտագնացութիւն կատարելու Սուրբ Դրան որ բացուած է աշխարհի աթոռանիստ եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու մէջ։ Սակայն ամենագեղեցիկ իրողութիւնը որ կ՛արտայայտուի Աստուծոյ խօսքին ընդմէջէն այն է որ համայն ընտանիքը միասնաբար ուխտագնացութիւն կը կատարէ` Հայրը Մայր ու զաւակ կ՛ուղղուին Տիրոջ տունը աղօթքով  սրբացնելու համար տօնախմբութիւնը։ Այս մէկը կարեւոր ուսուցում մըն է որ նուիրուած է նաեւ մեր ընտանիքներուն։

Որքան գեղեցիկ է մտաբերել թէ Մարիամն ու Յովսէփը Յիսուսին սորվեցուցին աղօթել եւ գիտակցիլ թէ անոնք միասնաբար աղօթեցին օրուան ընթացքին, ըսաւ ապա Քահանայապետը ու նշեց ընտանեկան յարկէն ներս աղօթքի կարեւորութիւնը հաստատելով թէ գեղեցիկ երեւոյթ է երբ հայրն ու մայրը օրուան սկիզբը կ՛օրհնեն իրենց զաւակները խաչակնքելով անոնց ճակատը, զանոնք յանձնելով Տիրոջ հովանիին, որպէսզի անոնց ըլլայ ապաւէն եւ նեցուկ եւ թէ կարեւոր է նաեւ որ ընտանիքը համախմբուի միասնաբար աղօթելու, ճաշէն առաջ, գոհութիւն յայտնելու Տիրոջ ընկալուած պարգեւին համար եւ սորվելու այդ պարգեւները բաժնեկցիլ կարիքաւորներուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ ուխտագնացութեան աւարտին Յիսուս Նազարէթ կը դառնայ  ու  հնազանդ էր իր ծնողքին։ Այս պատկերն ալ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը գեղեցիկ ուսուցում մըն է մեր ընտանիքներուն համար։ Ուխտագնացութիւնը արդարեւ վերջ չի գտներ երբ սրբավայր կը հասնինք այլ երբ վերադարձ կը կատարենք տուն եւ կը վերսկսինք մեր առօրեայ կեանքը` ի գործ դնելով փորձարկուած  ապրումի հոգեւոր պտուղները։

Գիտենք թէ ինչ ըրաւ Յիսուս, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ, փոխանակ տուն վերադառնալը, կանք առաւ Երուսաղէմի տաճարին մէջ, Մարիամի եւ Յովսէփի մտահոգութիւն պատճառելով եւ իր այս ''ճարպիկութեան'' համար գուցէ  ստիպուած եղաւ ներողութիւն խնդրել իրեն ծնողներէն։ Աւետարանին մէջ այս մէկը չէ բացայայտուած բայց կրնանք գուշակել թէ այսպէս է - ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ '' տուն վերադարձին, Յիսուս` միացաւ իր ծնողքին, անոնց յայտնելու իր սէրն ու հնազանդութիւնը''։

Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն առթիւ ամէն մէկ քրիստոնեայ ընտանիք թող դառնայ առանձնաշնորհեալ վայր ուր կը փորձարկուի ներումի ուրախութիւնը, հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ ''Ներումը` սիրոյ էութիւնն է որ գիտէ հասկնալ սխալը ու շտկել զայն։ Եւ թէ ''ընտանիքի ներքոյ ներում կը դաստիարակուի որովհետեւ վստահութիւնը կայ թէ հակառակ բոլոր սխալներուն պիտի հասկցուինք ու նեցուկ պիտի գտնենք''։

Մեր յոյսը չկորսնցնենք ընտանիքին նկատմամբ։ Գեղեցիկ է միշտ մեր սիրտը բանալ մէկը միւսին։ Այնտեղ ուր կայ սէր, հոն կայ հասկացողութիւն ու ներում։

Ձեզի բոլորիդ սիրելի ընտանիքներ կը յանձնեմ այս կարեւոր առաքելութիւնը որուն կարիքն ունի աշխարհն ու Եկեղեցին - ըսաւ Սրբազան Հայրը եզրափակելով իր քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.